Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Յաղթեց Շանվիլի` Տիք Մըհտիի Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Հուփսը: Հուփս, որ նախորդ հանգրուանին յաղթած էր Թատամոնին, այս անգամ այլ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ պարտութեան մատնեց Շանվիլը` արձանագրելով իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ երկարաձգումէն ետք, 97-94 արդիւնքով:

Ոչ Եւս Է Հայաստանի Ճատրակի Բազմակի Ախոյեան Էդուարդ Մնացականեան

Ոչ Եւս Է Հայաստանի Ճատրակի Բազմակի Ախոյեան Էդուարդ Մնացականեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 78 տարեկան հասակին մահացաւ Հայաստանի ճատրակի բազմակի ախոյեան, հանրածանօթ մարզիչ Էդուարդ Մնացականեան: Ան 5 անգամ (1958, 1959, 1960, 1962 եւ 1967) հանդիսացած է Հայաստանի ախոյեան, իսկ նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականին հետ հանդիսացած է ուսանողական խաղերու աշխարհի կրկնակի ախոյեան: Երկար տարիներ եղած է Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Մնացականեանի հանրածանօթ սաներէն եղած...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Քոնթա Ստեղծեց Մեծագոյն Անակնկալը` Մրցաշարքէն Դուրս Ձգելով Վինըս Ուիլիըմզը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Քոնթա Ստեղծեց Մեծագոյն Անակնկալը` Մրցաշարքէն Դուրս Ձգելով Վինըս Ուիլիըմզը

Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող 2016 տարուան թենիսի առաջին կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ շարունակուեցան Ա. հանգրուանի երկրորդ բաժինի մրցումները: Մրցաշարքին մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց անգլիացի Եոհաննա Քոնթա, որ 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց 8-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզը: Նշենք, որ Քոնթա աշխարհի դասաւորման մէջ դասուած է 47-րդ: 3-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ հանգիստ...

Ըմբշամարտ. Հայրենի Ըմբիշները Կը Մասնակցին Սոֆիայի Եւ Պոլսոյ Մրցաշարքերուն

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը, որ նախորդ 13 յունուարին ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Երեւանի մէջ, այդ հաւաքը պիտի աւարտէ 28 յունուարին: Այդ ժամանակամիջոցէն ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան իր կազմին հետ 28-31 յունուարին պիտի մասնակցի Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը, այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Պուլկարիա մեկնողները պիտի ըլլան Ռոման Ամոյեան, Գէորգ Ղարիբեան,...

Հայրենի Կռփամարտիկները Աբովեանի Մէջ Կը Նախապատրաստուին Միջազգային Երկու Մրցաշարքի

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը տարին սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքով մը, որ տեղի կ՛ունենայ Աբովեան քաղաքին մէջ, երէկ յայտնեց հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am: Ուսումնամարզական այս հաւաքը, որ սկսաւ 18 յունուարին, կ՛աւարտի 31 յունուարին: Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Կռփամարտիկները կը նախապատրաստուին միջազգային 2 մրցաշարքի: 6 կռփամարտիկ պիտի մեկնի Մինսք, իսկ...

«Էն. Պի. Էյ.». Երկու Մրցում Աւարտեցաւ Երկրորդ Երկարաձգումէն Ետք

Ճէյ-Ճէյ Ռետիք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներէն ոմանք եղան բաւական հետաքրքրական եւ ուշագրաւ ճակատումներ` նկատի ունենալով, որ 2 մրցում աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք, իսկ 2 այլ մրցում` երկրորդ երկարաձգումէն ետք: Լոս Անճելըս Քլիփըրզ երկարաձգումէն ետք 140-132 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հիուսթըն Ռոքեթցին: Յաղթական կազմի մարզիկ Ճէյ-Ճէյ Ռետիք նշանակեց 40 կէտ, մինչ Տուայթ Հաուըրտ (Ռոքեթց)` 36 կէտ:...

Համբարձումեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Վարտարի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մակեդոնիոյ գործող ախոյեան Վարտարի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, իր ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց. անիկա կ՛աւարտէր այս տարի: Նոր համաձայնագիրով ան մինչեւ յունիս 2018 պիտի մնայ Վարտարի հետ: Ակումբին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսաւ. «Այս նոր պայմանագիրը իմ ունեցած յաջող ելոյթներուս արտացոլումն է: Յոյս ունիմ, որ ապագային մեծ յաջողութիւններու կը հասնինք, թէ՛...

Շիրին Նըժէյմ Առաջին Լիբանանցին, Որ Ապահովեց Ռիոյի Ողիմպիականի Իր Տոմսը

Լիբանանեան Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Շիրին Նըժէյմ հանդիսացաւ առաջին լիբանանցին, որ ապահովեց 2016-ին տեղի ունենալիք Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը, երբ հաստատուեցաւ անոր մասնակցութիւնը Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 42.195 քմ մարաթոնի մրցումին: Ան կիրակի, 17 յունուարին, Հիուսթընի (Միացեալ Նահանգներ) մարաթոնին, լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 2 ժամ 44' 14", կոտրելով 11 հոկտեմբեր 2015-ին Շիքակոյի մարաթոնին իր իսկ հաստատած մրցանիշը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Յաղթեց Թատամոնին` 5-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումին

Թատամոն - Ռիատի երէկուան մրցումէնPROFOTO Երէկ` երկուշաբթի, 18 յունուարին, Թատամոն - Ռիատի բացման մրցումով սկսան 5-րդ հանգրուանի ճակատումները` Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք), աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 83-80 արդիւնքով (24-24, 41-43, 65-62 եւ 80-83): Ինչպէս նկատելի է, եւ ատիկա ցոյց կու տան մրցումին չորս քորթըրները, մրցումը եղաւ բաւական հաւասարակշռուած:...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Մարիա Գէորգեան Կը Մնայ Անկասելի

Մարիա Գէորգեան Հայաստանի ճատրակի աղջկանց 71-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Ախոյեանութեան բացարձակ յառաջատար Մարիա Գէորգեան դարձեալ յաղթանակ արձանագրելով ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը` առաւելագոյն 7 կէտէն: Անոր ետին 5,5 կէտ ունի Աննա Հայրապետեան, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան ունի 5 կէտ: Տղոց ախոյեանութեան առումով 18 յունուարին հանգիստի օր էր, եզրափակեց ArmSport.am:  

Չորեքշաբթի, 20 Յունուարին`  Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

Չորեքշաբթի, 20 Յունուարին` Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Տարեկան Համագումարը

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 20 յունուարին, երեկոյեան ժամը ճիշդ 18:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ) տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը: Համագումարին ընթացքին պիտի քննարկուին ֆետերասիոնին 2015-ին ունեցած գործունէութիւնը, անոր տարեկան պիւտճէն, ինչպէս նաեւ պիտի հրապարակուի 2016-ի յայտագիրը: Եթէ ներկաներուն թիւը օրինական չըլլայ, երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք, նոյն վայրին մէջ...

Թեքուանտօ. Արման Երեմեան Պարտուեցաւ Ողիմպիական Խաղերու Վարկանշային Մրցաշարքին

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի թեքուանտոյի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի նախկին ախոյեան Արման Երեմեան (80 քկ) Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Ռիոյի ողիմպիական խաղերու վերջին վարկանշային մրցաշարքին չկրցաւ մրցանակային տեղ մը գրաւել: Առաջին մենամարտին ան 5-4 արդիւնքով յաղթեց Տէյվիտ Սայքոյին (Սլովաքիա), մինչ քառորդ աւարտականին 11-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Միլատ Պայկիէն (Ազրպէյճան):...

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Միջազգային Բաց Մրցաշարք

- Թիւ 1 Դասուած Մարզիկներ Նովաք Տիոքովիչ Եւ Սերենա Ուիլիըմզ Անցան Յաջորդ Հանգրուան - Պակտաթիս, Մեթիու, Սթոսուր Եւ Վոզնիաքի` Առաջին Օրուան Զոհերուն Կարգին Երէկ` երկուշաբթի, 18 յունուարին սկսաւ 2016 տարուան առաջին կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը` Աւստրալիոյ մէջ: Թիւ 1 դասուած մարզիկներ սերպ Նովաք Տիոքովիչ եւ ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը: Սակայն առաջին օրուան զոհերուն կարգին...

Փիցելլի Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր պիտի շարունակէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` մաս կազմելով Ռաըտ ակումբին: 31 տարեկան Փիցելլիի վերջին ակումբը հանդիսացաւ Աքթոպէ (Ղազախստան), որուն հետ այս ամսուան սկիզբը պրազիլցի ֆութպոլիստը խզեց իր պայմանագրութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am: Այժմ, Փիցելլիի նոր ակումբը Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, 10 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը...

Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Յաղթական

Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-6, 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի անուանի մարզիկ Սարա Էրրանին: Նշենք, որ 21 տարեկան Գասպարեան այսպիսով իր առաջին յաղթանակը տօնեց կրան շլեմի մրցաշարքի մը ընթացքին:  

Արարատ Սոչիի Հաւաքին Ընթացքին Ֆութպոլի Բարեկամական 4 Մրցում Պիտի Կատարէ

25 յունուարէն 5 փետրուար Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք հաւաքին ընթացքին կը նախատեսուի, որ Արարատ ֆութպոլի բարեկամական 4 մրցում կատարէ, կը յայտնէ ArmSport.am: 26 յունուարին երեւանեան խումբը պիտի մրցի Խապարովսքի Էներկիայի դէմ, որ կը գլխաւորէ հայազգի Ալեքսանտր Գրիգորեան: Մէկ օր ետք, Աբխազիոյ մէջ Արարատ կը մրցի Նիժնի Նովկորոտ Վոլկայի դէմ, որուն կազմին հետ հանդէս կու գան Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով,...

Ալպա 3 Մրցումով Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Պարսելոնայի յետսապահ Եորտի Ալպա, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ, 3 մրցումով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտնեց սպանական ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան պիտի բացակայի Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցումներէն (20 եւ 27 յունուար), ինչպէս նաեւ` Մալակայի դէմ կատարուելիք մրցումէն («Լա լիկա»):    

«Էն. Պի. Էյ.». Երէկուան Մրցումներուն Արդիւնքները

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան հինգ մրցումներ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Մինեսոթա Վուլվզ - Ֆէոնիքս Սանզ 117-87 Օքլահոմա Սիթի - Մայեմի Հիթ 99-74 Սան Անթոնիօ Սփըրզ - Տալաս Մավըրիքս 112-83 Տենվըր Նակեթց - Ինտիանա Փէյսըրզ 129-126 Լոս Անճելըս Լէյքըրզ - Հիուսթըն Ռոքեթց 95-112

Ճատրակ. Առաջին Դիրքերուն Վրայ Փոփոխութիւն Տեղի Չունեցաւ

Երէկ` կիրակի, 17 յունուարին, տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց 76-րդ եւ աղջկանց 71-րդ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Տղոց ախոյեանութեան, Զաւէն Անդրէասեան դարձեալ յաղթելով մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 5,5 կէտ: Յովիկ Հայրապետեան-Մանուէլ Պետրոսեան հանդիպումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, Տիգրան Պետրոսեան յաղթեց Արման Միքայէլեանին, Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Կարէն Գրիգորեանին, Արման Փաշիկեան` Նորայր Թորոսեանին, իսկ Յովհաննէս Կապուզեան` Լեւոն Բաբուջեանին: Աղջկանց մրցումներուն, Մարիա...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը. Սաժես – Պիպլոս` 91-87

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը. Սաժես – Պիպլոս` 91-87

Ռիատի - ՀՄԸՄ մրցումէն Սաժեսի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես - Պիպլոս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժեսի յաղթանակով` 91-87 արդիւնքով (19-14, 49-37, 61-59 եւ 91-87): Ցարդ մէկ յաղթանակ արձանագրած Պիպլոս կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, մինչ Սաժես արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: Շաբաթ,...

Page 1144 of 1276 1 … 1,143 1,144 1,145 … 1,276

Արխիւներ