
Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, Ա. Էս. Ռոմա յայտարարեց, որ Լուչիանօ Սփալեթթի երկրորդ անգամն ըլլալով ստանձնեց ակումբին մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով Ռուտի Կարսիան, որ անցնող քանի մը օրերուն պաշտօնանկ եղաւ:
56 տարեկան Սփալեթթի 2005-2009 ժամանակամիջոցին եղած է Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ:
Ան եղած է նաեւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի մարզիչ ալ եւ անոր հետ երկու անգամ հանդիսացած Ռուսիոյ ախոյեան:
Քալչիոյի մրցումներուն պայքար մղելէ բացի, Սփալեթթի, այլ դժուար առաքելութիւն մըն ալ ունի կատարելիք` նկատի ունենալով, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին անոր կազմը իր դէմ պիտի ունենայ Ռէալ Մատրիտը:


