Երէկ, ուրբաթ, 15 յունուարին, տեղի ունեցան Հայաստանի տղոց 76-րդ եւ աղջկանց 71-րդ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Տղոց ախոյեանութեան, Զաւէն Անդրէասեան ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 3,5 կէտ` առաւելութեան հասնելով Յովհաննէս Գաբուզեանի նկատմամբ:
Սամուէլ Տէր Սահակեան յաղթեց Արման Միքայէլեանին, Մանուէլ Պետրոսեան` Տիգրան Պետրոսեանին, Ռոպերթ Յովհաննիսեան` Նորայր Թորոսեանին իսկ Լեւոն Բաբուջեան` Կարէն Գրիգորեանին:
Աղջկանց մրցումներուն, յաղթանակներ արձանագրեցին Սիրանուշ Ղուկասեան, Սուաննա Գաբոյեան, Աննա Հայրապետեան, Մարիա Գէորգեան եւ Սոնա Ասատրեան:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Գէորգեան, որ ապահոված է 4 կէտ, 3 կէտ ունի Սուսաննա Գաբոյեան: