
Նախորդ շաբաթավերջին Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ սկսաւ 2016-ի զարգացման բաժակի ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իր կատարած առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիայէն:
Հայաստան իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ վաղը` մրցելով Իսրայէլի դէմ:


