Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տպաւորիչ կերպով սկսաւ ախոյեանութիւնը, երբ 13-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0) ջախջախեց իր մրցակիցը` Մաթարը:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Շարքի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ կիրակի, 24 յունուարին, ժամը 14:15-ին, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ, Նսուր Ալէյի դէմ: