Երէկ` երկուշաբթի, 18 յունուարին, Թատամոն – Ռիատի բացման մրցումով սկսան 5-րդ հանգրուանի ճակատումները` Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք), աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 83-80 արդիւնքով (24-24, 41-43, 65-62 եւ 80-83):
Ինչպէս նկատելի է, եւ ատիկա ցոյց կու տան մրցումին չորս քորթըրները, մրցումը եղաւ բաւական հաւասարակշռուած: Ռիատի քիչ մը դժուարութեամբ տարաւ վերջնական յաղթանակը` մրցումին աւարտէն շատ կարճ ժամանակ առաջ:
Մինչ Ռիատի արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը (չորս մրցումէ), անդին Թատամոն, որ արձանագրած էր երկու յաղթանակ, կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը (չորս մրցումէ):
Թատամոնի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեսմընտ Փենիկըր (26 կէտ), ապա անոր խմբակից Պրանքօ Սվեթքովիչ (22): Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ժան Ապտելնուր (20):
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Հուփսը:
Հիւրընկալ կազմը երեք մրցումէ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած երկու պարտութիւն: Նոյնը կատարած է նաեւ Հուփս: