Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մակեդոնիոյ գործող ախոյեան Վարտարի յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան, իր ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց. անիկա կ՛աւարտէր այս տարի:
Նոր համաձայնագիրով ան մինչեւ յունիս 2018 պիտի մնայ Վարտարի հետ:
Ակումբին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսաւ. «Այս նոր պայմանագիրը իմ ունեցած յաջող ելոյթներուս արտացոլումն է: Յոյս ունիմ, որ ապագային մեծ յաջողութիւններու կը հասնինք, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մրցաշարքերուն ընթացքին»: