
25 յունուարէն 5 փետրուար Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք հաւաքին ընթացքին կը նախատեսուի, որ Արարատ ֆութպոլի բարեկամական 4 մրցում կատարէ, կը յայտնէ ArmSport.am:
26 յունուարին երեւանեան խումբը պիտի մրցի Խապարովսքի Էներկիայի դէմ, որ կը գլխաւորէ հայազգի Ալեքսանտր Գրիգորեան: Մէկ օր ետք, Աբխազիոյ մէջ Արարատ կը մրցի Նիժնի Նովկորոտ Վոլկայի դէմ, որուն կազմին հետ հանդէս կու գան Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով, ինչպէս նաեւ հայազգի միջնապահ Արթուր Մինոսեան:
Ակումբին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ երկու այլ մրցումներու գծով բանակցութիւնները կը շարունակուին:


