Ռուսիան ներկայացնող հայ թենիսվումըն Մարկարիթա Գասպարեան Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 1-6, 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի անուանի մարզիկ Սարա Էրրանին:
Նշենք, որ 21 տարեկան Գասպարեան այսպիսով իր առաջին յաղթանակը տօնեց կրան շլեմի մրցաշարքի մը ընթացքին: