
Հայաստանի ճատրակի աղջկանց 71-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Ախոյեանութեան բացարձակ յառաջատար Մարիա Գէորգեան դարձեալ յաղթանակ արձանագրելով ապահովեց մրցաշարքի իր 7-րդ կէտը` առաւելագոյն 7 կէտէն:
Անոր ետին 5,5 կէտ ունի Աննա Հայրապետեան, մինչ Սուսաննա Գաբոյեան ունի 5 կէտ:
Տղոց ախոյեանութեան առումով 18 յունուարին հանգիստի օր էր, եզրափակեց ArmSport.am: