
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը տարին սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքով մը, որ տեղի կ՛ունենայ Աբովեան քաղաքին մէջ, երէկ յայտնեց հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am:
Ուսումնամարզական այս հաւաքը, որ սկսաւ 18 յունուարին, կ՛աւարտի 31 յունուարին:
Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Կռփամարտիկները կը նախապատրաստուին միջազգային 2 մրցաշարքի: 6 կռփամարտիկ պիտի մեկնի Մինսք, իսկ 8 մարզիկ` Սոֆիա: Փետրուարին եւս պիտի ունենանք հաւաք մը` Երեւանի մէջ: Այս երկու մրցաշարքերուն արդիւնքներուն հիմամբ պիտի որոշուին այն մարզիկները, որոնք պիտի մեկնին Պոլիս` այդտեղ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու վարկանշային մրցաշարքին մասնակցելու համար»:


