Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի թեքուանտոյի հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի նախկին ախոյեան Արման Երեմեան (80 քկ) Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Ռիոյի ողիմպիական խաղերու վերջին վարկանշային մրցաշարքին չկրցաւ մրցանակային տեղ մը գրաւել:
Առաջին մենամարտին ան 5-4 արդիւնքով յաղթեց Տէյվիտ Սայքոյին (Սլովաքիա), մինչ քառորդ աւարտականին 11-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Միլատ Պայկիէն (Ազրպէյճան):
Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչներ` Հայկազ Սամուէլեան եւ Իզապելլա Վարժապետեան պարտուեցան առաջին հանգրուանին:
Նշենք, որ Պոլսոյ այս մրցաշարքը Ռիոյի ողիմպիական խաղերուն համար եւրոպական վարկանշային վերջին մրցաշարքն էր: