Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 20 յունուարին, երեկոյեան ժամը ճիշդ 18:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ) տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը:
Համագումարին ընթացքին պիտի քննարկուին ֆետերասիոնին 2015-ին ունեցած գործունէութիւնը, անոր տարեկան պիւտճէն, ինչպէս նաեւ պիտի հրապարակուի 2016-ի յայտագիրը:
Եթէ ներկաներուն թիւը օրինական չըլլայ, երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք, նոյն վայրին մէջ եւ միեւնոյն ժամուն` առանց նախօրօք հրաւէրներ ղրկելու: