Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը, որ նախորդ 13 յունուարին ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսաւ Երեւանի մէջ, այդ հաւաքը պիտի աւարտէ 28 յունուարին:
Այդ ժամանակամիջոցէն ետք Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան իր կազմին հետ 28-31 յունուարին պիտի մասնակցի Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը, այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Պուլկարիա մեկնողները պիտի ըլլան Ռոման Ամոյեան, Գէորգ Ղարիբեան, Նարեկ Խաչատրեան (59 քկ), Միհրան Յարութիւնեան (71 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Արթուր Շահինեան, Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ) եւ Էտկար Խաչատրեան (130 քկ):
Սոֆիայի մէջ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչին պիտի օգնեն Էդուարդ Սահակեան եւ Սամուէլ Գէորգեան, իսկ Գէորգ Ալեքսանեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ իբրեւ իրաւարար, կը յայտնէ ArmSport.am:
Լեւոն Ջուլֆալակեան տեղեկացուց նաեւ, որ նոյն ժամանակամիջոցին Արսէն եւ Արամ Ջուլֆալակեանները, Արամ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, Պոլսոյ մէջ պիտի մասնակցին այլ կարեւոր մրցաշարքի մը:
Ջուլֆալակեան ըսաւ, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին վարկանշային ըլլալուն պատճառով Արսէն Ջուլֆալակեան կը մեկնի Թուրքիա եւ ոչ թէ Սոֆիա: