Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալեց Հուփսը:
Հուփս, որ նախորդ հանգրուանին յաղթած էր Թատամոնին, այս անգամ այլ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ պարտութեան մատնեց Շանվիլը` արձանագրելով իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ երկարաձգումէն ետք, 97-94 արդիւնքով: