Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը. Սաժես – Պիպլոս` 91-87

January 18, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիատի - ՀՄԸՄ մրցումէն
Ռիատի – ՀՄԸՄ մրցումէն
Սաժեսի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը
Սաժեսի մարզիկները կը տօնեն իրենց յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես – Պիպլոս մրցումը:

Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Սաժեսի յաղթանակով` 91-87 արդիւնքով (19-14, 49-37, 61-59 եւ 91-87):

Ցարդ մէկ յաղթանակ արձանագրած Պիպլոս կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, մինչ Սաժես արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:

Շաբաթ, 16 յունուարին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Ռիատի – ՀՄԸՄ մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 105-87 արդիւնքով (30-21, 53-49, 74-75 եւ 105-87):

Պէտք է ըսել, որ մրցումը սկսաւ Ռիատիի տիրապետութեամբ, որ միշտ փորձեց ղեկը իր ձեռքին մէջ պահել: Սակայն ՀՄԸՄ հետզհետէ ինք եւս ճնշելով դաշտին տիրոջ վրայ, յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել եւ չորրորդ քորթըր ուղղուիլ` կէտի մը առաւելութեամբ:

Սակայն չորրորդ քորթըրին սկիզբէն մրցումը այլ ընթացք մը ստացաւ:

Մինչ Ռիատի կը նշանակէր յաջորդական կողովներ` կէտերու տարբերութիւնը բարձրանելով, միւս կողմէ ՀՄԸՄ-ի փորձերը կը վրիպէին: Այդ կէտերուն տարբերութիւնը բարձրանալով 18 կէտի, պատճառ դարձաւ, որ Ռիատի Պէյրութ արձանագրէ իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը (3 մրցումէ), մինչ ՀՄԸՄ, որ յաջորդական երեք յաղթանակ արձանագրած էր, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:

Հակիրճ ակնարկ մը նետելով շաբաթ օրուան մրցումին վրայ, պէտք է նշել, որ Ռիատի իր ամէն կարելին ըրաւ յաղթելու, մանաւանդ որ մրցումը կը կատարէր իր դաշտին վրայ եւ իր համակիրներուն ներկայութեան:

Անոր դիմաց սակայն, ՀՄԸՄ ձեռնածալ չմնաց եւ իր կարգին փորձեց յաղթանակ արձանագրել: Կարելի է ըսել, որ ան փորձեց բացառիկ մրցում մը ցուցադրել:

Այժմ եղած սխալը կամ թերութիւնը սրբագրելն է կարեւորը: Մրցումին տեսերիզը դիտելով պէտք է տեսնել սխալները կամ տկար կողմերը եւ զանոնք ճշդել, խումբը դարձեալ ճիշդ հունի վրայ դնել եւ շարունակել յաղթանակներու ճամբան:

Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ 30 թրի-փոյնթերէն 9-ը նշանակեց, մինչ Ռիատի 25-էն` 15-ը:

Ինչ կը վերաբերի ֆրի-թրօ-ներուն, ՀՄԸՄ եւ Ռիատի իրականացուցին 73 առ հարիւրը:

Ռիպաունտներուն պարագային, ՀՄԸՄ կատարեց 32, մինչ Ռիատի` 31:

Ստորեւ` շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը.

Նորվել Փել (37′ 39″, 11 կէտ, 15 ռիպաունտ, 1 ֆրի թրօ), Նատիմ Սուէյտ (31′ 50″, 6 կէտ, 3 ռիպաունտ), Ճասթին Թապզ (37′ 41″, 27 կէտ, 6 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (34′ 43″, 11 կէտ, 1 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (11′ 43″, 1 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (4′ 56″), Պատիհ Սուէյտ (4′ 56″, 2 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (37′ 24″, 32 կէտ, 5 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ):

Ռիատիէն Աարոն Հարփըր նշանակեց 30 կէտ, 7 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ, Քրիս Տանիելզ` 18 կէտ, 6 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ, իսկ Իսմայիլ Ահմետ` 16 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ:

5-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ Թատամոն կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:

 

Նախորդը

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Յաղթեց Լիվըրփուլի` «Էնֆիլտ»-ի Մէջ

Յաջորդը

Ճատրակ. Առաջին Դիրքերուն Վրայ Փոփոխութիւն Տեղի Չունեցաւ

RelatedPosts

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

January 15, 2026
Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի
Մարզական

Քարիք Նշանակուեցաւ Եունայթըտի Մարզիչ, Իսկ Արպելոա` Ռէալ Մատրիտի

January 15, 2026
Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց
Մարզական

Սեմենիօ Իր Առաջին Մրցումին Նշանակեց Եւ Սիթի Յաղթեց

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.