Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Գ. խմբակ) վաղը` կիրակի, 7 փետրուարին կը մրցի Հիլալ Նասըրի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրած է երեք յաղթանակ, մինչ մրցակից կազմը իր տրամադրութեան տակ ունի 4 կէտ (1 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` արձանագրելու համար իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակը: