ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբին համար ապագային խաղցող պատրաստելու նպատակով, Շրջանային պասքեթպոլի յանձնախումբը կազմակերպեց զտումի փորձ (Թրայ-աութ)` 2000-ի եւ 2001-ի ծնունդ տղոց համար:
Փորձը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` հսկողութեամբ ներկայացուցչական խումբի մարզիչ Ճօ Մժաէսի եւ խումբի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանի:
44 երիտասարդ մարզիկներ մասնակցեցան փորձին, որ տեղի ունեցաւ շատ մեծ խանդավառութեամբ:
Երկուշաբթի, 8 փետրուար 2016-ին տեղի պիտի ունենայ երկրորդ զտումի փորձ մը` 1997-1998-1999-ի ծնունդ տղոց համար, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ:
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ