Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի նահանգի Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Հիլալ Նասըրին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Դաւիթ Պէրպէրեան (Ա. կիսախաղին):
Այսպիսով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ապահովեց առաւելագոյն 12 կէտը: