
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ իր բնակարանին մէջ պատուեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին անդամ եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախկին անդամ Թոնի Խուրին, որ ամբողջ 27 տարի իր նպաստը բերաւ լիբանանեան մարզաշխարհին վերելքին:
Մեծարման այս երեկոյին ներկայ էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, որոնց կարգին` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, այլ անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ, Մայ Խալիլ դրուատեց Խուրիի տարած աշխատանքը այդ երկար տարիներուն ընթացքին, որոնք եղան ի նպաստ Լիբանանի: Խուրի տարիներ շարունակ պաշտպանեց Լիբանանի շահերը` ամէն տեսակի դիւրութիւններ ընծայելով լիբանանցի մարզիկներուն, որպէսզի անոնք միշտ քայլ պահեն միջազգային գետնի վրայ եղող զարգացումներուն հետ եւ տեղեակ ըլլան բոլոր նորութիւններուն:
Խուրի իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ինք միշտ իր պարտականութիւնը կը կատարէր սրտաբուխ կերպով, որովհետեւ ատոր շնորհիւ Լիբանանի անունն էր, որ բարձր պիտի ըլլար միջազգային մարզական աշխարհին մէջ:
Աւարտին Խուրիին յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը: