Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Թատամոն

February 6, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 փետրուարին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – Թատամոն մրցումը:

Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ հանգրուանին ՀՄԸՄ Հուփսէն կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը:

Հիմա այդ մրցումին գծով յանցաւորներ գտնելը կամ ոմանց մեղադրելը կը նկատուի անկարեւոր եւ անօգուտ: Կարեւորը գտնելն է դրդապատճառները, որոնց հետեւանքով արձանագրուեցաւ պարտութիւնը:

8-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Սաժեսը:

Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով, 99-80 արդիւնքով:

Այսպիսով, Ռիատի շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը:

Նշենք, որ այս մրցումը 100-րդ պէյրութեան տերպին էր երկու կազմերուն միջեւ:

Այս հանգրուանին յաջորդական վեց պարտութիւն կրելէ ետք Լուէյզի ի վերջոյ յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել, երբ երկարաձգումէն ետք 95-91 արդիւնքով յաղթեց Թատամոնին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին (17-15, 36-33, 60-53, 81-81 եւ 91-95):

Ճերոն Ճոնսըն (Լուէյզի) եւ Պրանքօ Սվեթքովիչ (Թատամոն) նշանակեցին 41-ական կէտ:

Նոյն այս հանգրուանին ծիրին մէջ, Շանվիլ իր դաշտին վրայ 87-81 արդիւնքով (23-16, 46-35, 59-59 եւ 81-87) պարտուեցաւ իր հիւրէն` Պիպլոսէն: Շանվիլէն Տեշաուն Սիմս նշանակեց 27 կէտ, իսկ Պիպլոսէն Սթիւըն Պըրթ` 25 կէտ:

Ստորեւ` 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (Սաժես մրցում չունի կատարելիք).

ՇԱԲԱԹ, 6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ         ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Լուէյզի – Շանվիլ 17:00 Սանթրալ
ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ    
ՀՄԸՄ – Թատամոն 17:00 Աղբալեան
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 8 ՓԵՏՐՈՒԱՐ    
Մութթահետ – Հուփս 20:30 Սաֆատի
ՈՒՐԲԱԹ, 12 ՓԵՏՐՈՒԱՐ    
Պիպլոս – Ռիատի 18:00 Ժըպէյլ
Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատա Ուալ Ատապ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.