
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 6 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատա Ուալ Ատապը:
Ինչպէս ծանօծ է, շուրջ ամիսէ մը ի վեր ախոյեանութիւնը դադար առած է, եւ խումբերը վստահաբար իրենց առաւելագոյն պատրաստութիւնները տեսած են դարձին գծով:
Ցարդ իր կատարած 11 մրցումներուն, ապահովելէ ետք 20 կէտ, ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 3-րդ դիրքը` արձանագրելով 6 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով 3 պարտութիւն: ՀՄԸՄ ցարդ նշանակած է 23 կոլ եւ ստացած 11:
Այսօրուան մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, առանց արհամարհելու մրցակից խումբը, տպաւորիչ մրցում մը կատարելով եւ կիրարկելով խմբային բացառիկ խաղարկութիւն, դարձի իրենց մրցումները ամէն գնով սկսիլ յաղթանակով:
Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խիտ շարքերով ուղղուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտ եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերել իրենց խումբը` մի՛շտ մնալով կարգապահ եւ մարզավայել կեցուածքով նեցուկ կանգնելով իրենց խումբին:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին գլխաւոր մարզիչն է Սամուէլ Պօղոսեան, մինչ անոր օգնականներն են` Դրօ Քէհէեան եւ Յակոբ Կիւլիւմեան:
Իսկ խումբին մարզիկներն են. Յարութ Սարգիս, Խաչիկ Գերպապեան, Վիգէն Դանաշեան, Վարդան Պոյաճեան, Արգիշդի Պետրոսեան, Ալի Ռիֆահի, Ալեք Ալճեան, Տիգրան Վարդան, Գէորգ Օհանեան, Յակոբ Տօնապետեան, Մամաս Քէհէեան, Զաւէն Լեփեճեան, Վարդան Յարութիւնեան, Յարութ Մումջողլեան, Շանթ Գէորգեան, Գրիգոր Աւետիսեան, Յակոբ Գուճանեան, Յակոբ Նաճարեան, Ժան-Փոլ Կոնճեան, Սերժ Չաքըրեան, Սերժ Մելիքեան, Քրիսթիան Թիմունեան, Սարգիս Ազնաւուրեան եւ Շանթ Սինանեան:
Նշենք, որ դարձի առաջին հանգրուանի բացման մրցումին Ամալ Մաարաքէ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի մրցումը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ: