
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 4 փետրուարին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Արապին:
Երկու խումբերը իրենց կատարած 2 մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած էին, հետեւաբար անոնցմէ մէկը պիտի պարտուէր:
Տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրողը հանդիսացաւ Շապապ Արապի, որ 54-49 արդիւնքով (15-15, 10-18, 18-9 եւ 6-12) տեղի տուաւ ՀՄԸՄ-ի դիմաց:
Նշենք, որ այս մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիասի հետ առաջին անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ Սարին Օհանեան, որ այս մրցումէն քանի մը օր առաջ Լոս Անճելըսէն հասաւ Պէյրութ:
Լիբանանեան մարզական աշխարհին համար անոր անունը գրեթէ անծանօթ է: Սակայն ան ունի միջազգային փորձառութիւն մը:
Վերջին համահայկական խաղերուն ան Լոս Անճելըսի աղջկանց խումբին հետ տիրացաւ տիտղոսին:
Ան կարեւոր նուաճումներ կատարած է «Մենլօ» համալսարանին հետ (Սան Ֆրանսիսքօ):
11 փետրուար 1991-ին ծնած Սարին Օհանեան, որուն հասակը 173 սմ է, կը խաղայ «Շութինկ Կարտ» դիրքին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի Շապապ Արապիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին հետեւեալ մարզիկները.
Այտա Պախոս (16), Նաթալի Սվաճեան (12), Մեղրի Թորոսեան (10), Լէյլա Ֆարես (8), Սանտրա Նաժըմ (7) եւ Ճոյս Սալիպա (1):