Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկրորդ միջին կարգի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ դարձեալ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ տարուան լաւագոյն կռփամարտիկը, յայտնեց Աբրահամի մամլոյ քարտուղարը` Սիրան Գրիգորեան:
Գերմանական «Պոքսսփորթ» ամսագիրին կողմէ կատարուած քուէարկութեան ընթացքին Աբրահամ ապահովեց առաւելագոյն թիւով ձայները:
Նշենք, որ հայ կռփամարտիկը 7-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: