
Միջազգային մամուլին համաձայն, Չելսիի նախկին մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ նախնական համաձայնութեան եկած է Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Պայմանագիրը ցարդ կնքուած չէ, եւ այժմ փորթուգալցի մասնագէտին գործակալը` Խորխէ Մենտես, կ՛ուսումնասիրէ անոր բոլոր կէտերը:
Այդ պայմանագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2019, իսկ Մուրինիօ տարեկան 20 միլիոն եւրօ աշխատավարձ պիտի ստանայ:


