Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան Ղազախստանի մէջ իր կատարած փորձառական շրջաններէն ետք վերադարձաւ Փիւնիկ, կը յայտնէ հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am:
23 տարեկան ֆութպոլիստը արդէն իսկ ուղղակի միացաւ Սարգիս Յովսէփեանի գլխաւորած խումբին, որ այժմ հաւաք մը կը կատարէ Կիպրոսի մէջ:
Կ՛ակնկալուի, որ ան իր ելոյթները շարունակէ Փիւնիկի հետ: