
Երէկ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գտնուի Լիլըհեմըր (Նորվեկիա)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար երիտասարդներու 2-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ժորժ Զէյտան:
Այս խաղերուն մասնակցող մարզիկներն են` Ճեֆրի Զինա եւ Մարի Սոնիա Ժորժ, իսկ անոնց մարզիչը` Մարեք Քարաժ (Սլովենիա):
Նշենք, որ խաղերը, որոնք պիտի սկսին այսօր, պիտի տեւեն մինչեւ 18 փետրուար:
Երէկ այս խաղերուն պաշտօնական բացումն էր:


