
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը պիտի ըլլայ դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեան:
Նշենք, որ նորվեկիական Լիլըհեմըրի մէջ երկրորդ պատանեկան ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 12 փետրուարին:
ArmSport.am աւելցուց, որ պատանեկան այս խաղերուն կը մասնակցին 71 երկիրներու 1100 երկսեռ մարզիկներ: Այդ 15-18 տարեկան պատանիները պիտի պայքարին 70 մետալներու համար:


