
Երեւանի մէջ Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականին հետ միատեղ ուսումնամարզական հաւաք կատարող, Պուլկարիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան Արմէն Նազարեան հերթական փորձերէն առաջ հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին:
Ան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Երեւանի մէջ միացեալ փորձեր կատարելու հարցը նախորդ տարիէն կար: Նկատի ունենալով, որ 2016-ը ողիմպիական խաղերու տարի է, որոշեցինք այս փորձերը կատարելով իրարու օգտակար դառնալ եւ ամբողջական խումբերով մասնակցիլ անոր:
«Թէեւ Հայաստան ողիմպիականի 2 տոմս ապահոված է, մինչ մենք` մէկ, սակայն վարկանշային մրցաշարքերէն ետք երկու խումբերուն թիւը զգալիօրէն կը բարձրանայ: Ասկէ բացի, մեր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է Ռիկայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին տիրանալ մետալներու, ինչ տեսակի որ ալ ըլլան անոնք:
«Շեշտելով կը նշեմ, որ Հայաստանի հաւաքականին մէջ կան տիտղոսակիր ըմբիշներ, որոնցմէ մեր մարզիկները շատ բան ունին սորվելիք:
«Եզրափակելով նշեմ, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին, այսինքն` նախքան ողիմպիական խաղերուն սկսիլը, շատ հաւանաբար Հայաստանի հաւաքականին հետ այլ հաւաք մը եւս կատարենք»: