Մասնակցութեամբ վեց կրանտմասթըրներու, նախորդ շաբաթավերջին Ցիւրիխի մէջ սկսաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Լեւոն Արոնեան, որ այդ մրցումին մասնակցած վեց անուանի շախմատի վարպետներուն կարգին էր, իր կատարած առաջին մրցումին սեւ քարերով մրցեցաւ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի դէմ:
Արոնեան 19-րդ շարժումին յանձնուեցաւ` ընդունելով իր պարտութիւնը: