
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը 8-13 մարտին Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան:
Սակայն այս ախոյանութենէն առաջ հայրենի հաւաքականը Պուլկարիոյ եւ Զուիցերիոյ ազգային խումբերուն հետ միացեալ հաւաք մը պիտի կատարէ Երեւանի մէջ, յայտնեց ArmSport.am:

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան յայտարարեց անունները այն ըմբիշներուն, որոնք պիտի մասնակցին Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Անոնք են` Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Միհրան Յարութիւնեան (66 քկ), Վարշամ Բորանեան (71 քկ), Կարապետ Չալեան (75 քկ), Ռաֆայէլ Մանուկեան (80 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ) եւ Էդուարդ Խաչատրեան (130 քկ):
Անդրադառնալով Արսէն Ջուլֆալակեանի բացակայութեան` գլխաւոր մարզիչը ըսաւ. «Արսէն Ջուլֆալակեան Եւրոպայի ախոյեանութեան պիտի չմասնակցի, որովհետեւ ան բաւական ծանրաբեռնուած է փորձերով` նկատի ունենալով, որ կը պատրաստուի ողիմպիականի վարկանշային մրցաշարքերուն:
«Կը յուսանք, որ շատ լաւ արդիւնք կրնանք ձեռք ձգել Ռիկայի մէջ, որովհետեւ այդտեղ իրենց նորամուտը պիտի նշեն աշխարհի երիտասարդներու ախոյեաններ Կարապետ Չալեան, Ռաֆայէլ Մանուկեան եւ աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Էդգար Խաչատրեան»:
Ան եզրափակեց նշելով, որ երեւանեան հաւաքը կ՛աւարտի 17 փետրուարին, իսկ 25 փետրուարին հայ ըմբիշները կը մեկնին Սթայքի, ուր Եւրոպայի ախոյեանութենէն առաջ կ՛իրագործեն իրենց նախապատրաստական վերջին հանգրուանը:


