
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, գագաթի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Եուվենթուսը եւ Նափոլին, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Եուվենթուսի յաղթանակով, 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սիմոնէ Զազա, մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Եուվենթուս Նափոլիէն խլեց պարագլուխի դիրքը` մէկ կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ: