Պատանեկան ձմեռնային երկրորդ ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Միքայէլ Միքայէլեան դահուկավազք քրոսի 1500 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն չկրցաւ յաղթահարել կիսաւարտականի արգելքը:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ զտումի հանգրուանը յաղթահարելէ ետք, Միքայէլեան իր մրցումները շարունակեց Գ. խմբակին մէջ, ուր 12′ 30″ արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 9-րդ դիրքը:
Դժբախտաբար, հայ դահուկորդը չընդգրկուեցաւ աւարտական հասած 10 մարզիկներուն մէջ: