
Ըստ Sport.es կայքին հրապարակած տեղեկութիւններուն, Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ատրիանօ պիտի մնայ իր կազմին հետ, որովհետեւ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու սեմին է:
Կը կարծուի, որ ան իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ յուլիս 2017:
Նշենք, որ նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ ան յառաջիկայ ամառ պիտի հեռանայ իր կազմէն:


