Յուլիսին Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանան:
Այս ախոյեանութեան լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար Լիբանանի կազմը շաբաթական երեք փորձեր կը կատարէ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ)` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ճօ Մուժահեսի, օգնական մարզիչ Շարպել Պաշի, ֆիզիքականի մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի եւ ներկայութեամբ խումբի պատասխանատու Թոնի Ճունթոյեանի:
Նշենք, որ խումբին մարզիկները թիւով 15 են:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը որոշեց, որ 18 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը բերէ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, առանց սակայն կէտեր նկատի առնելու, պարզապէս որպէսզի խումբը մրցումներ կատարած ըլլայ եւ անոր մարզիկները անհրաժեշտ փորձառութիւնը ստանան: