Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, այսօր` ուրբաթ, 4 մարտին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ – Ռիատի մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:40-ին:
Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով նշենք, որ շաբաթ, 16 յունուարին Մանարայի մէջ թէեւ Ռիատի 18 կէտի առաւելութեամբ (105-87) յաղթանակ մը արձանագրեց, բայց ատիկա երբեք չի ցոլացներ մրցումին արդիւնքը:
ՀՄԸՄ առաջին երեք քորթըրներուն բացառիկ ներկայացում ունեցաւ եւ բաւական նեղ կացութեան մատնեց իր մրցակիցը: Բայց եւ այնպէս, վերջին քորթըրին բախտը չժպտաց ՀՄԸՄ-ին, որ կրեց պարտութիւն մը:
Այսօրուան այս մրցումը փոխվրէժի մրցում մըն է ՀՄԸՄ-ի համար, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ յաղթելու իր մրցակիցին, որ ՀՄԸՄ-էն աւելի ոչինչ ունի:
ՀՄԸՄ բոլոր առաւելութիւնները ունի յաղթելու իր մրցակիցին: Ամէնէն կարեւորը սակայն կէտեր նշանակելու (մանաւանդ` թրի փոյնթի) միջոցին չաճապարել է, փոխանցումները կատարել ճշգրիտ, նուազագոյն թըրն-օվըրները կատարել եւ ամէնէն անհրաժեշտը` ֆաուլերը կատարել ըստ կարելւոյն քիչ:
Վերոնշեալ նկատումները եթէ դաշտին վրայ տան իրենց դրական արդիւնքը, ՀՄԸՄ կրնայ յաղթել Ռիատիի, մանաւանդ որ իր կողքին ունի իր համակիրները եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը պահանջուի արձանագրել տարեշրջանի իրենց 9-րդ յաղթանակը` միեւնոյն ժամանակ ալ պարտադրելով իրենց հիւրին, որ կրէ տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ կիրակի, 6 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, դարձեալ տեղի պիտի ունենայ գագաթի ճակատում մը, երբ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, նոյն վայրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Երկու խումբերն ալ արձանագրած են վեցական յաղթանակ:
ԵՐԷԿ գիշեր, տղոց 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թատամոն, որ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Հուփսը, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 70-61 արդիւնքով:
Թատամոնէն Քորի Ուիլիըմզ նշանակեց 24 կէտ: