Իր լուրը քաղելով Varzesh3.com կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան կրնայ նշանակուիլ Փարսենի (Իրան) մարզիչ:
Ինչպէս կը նշուի, Մխիթարեան կը նկատուի վերոնշեալ ակումբը գլխաւորելու հիմնական թեկնածուն:
Իրանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին Փարսեն երեք անգամ պաշտօնանկ ըրած է իր գլխաւոր մարզիչները:
Եթէ պատահի, որ 42 տարեկան Մխիթարեան ստանձնէ այս պաշտօնը, այս տարեշրջանին պիտի ըլլայ խումբին չորրորդ մարզիչը:
Նշենք, որ 2011-2012 տարեշրջանին Մխիթարեան իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Փարսենի: