Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Պարսելոնա ոչ միայն իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, այլեւ 35-րդ մրցումն ըլլալով բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին մնաց անպարտելի, այսպիսով կոտրելով Ռէալ Մատրիտի 1988-89 տարեշրջանին հաստատած մրցանիշը, որ 34 մրցումի ընթացքին մնացած էր անպարտելի: