Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Ահտ ունեցաւ իր նոր մարզիչը` գերմանացի Ռոպերթ Ժասպերթը, որ մարզիչ իր նշանակումէն անմիջապէս ետք սկսաւ իր փորձերուն` խումբին մարզադաշտին վրայ (Ուզահիի շրջան):
Ան Ահտի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Իժթիմահիի դէմ` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Այնուհետեւ ան յառաջիկայ երեքշաբթի օր բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալէ Ուահտէն (Յորդանան)` Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ահտի հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյման յաջողութիւն մաղթեց գերմանացի փորձառու մարզիչին, որ պաշտօնավարած է նաեւ Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ: