«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հաստատեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, նկատի ունենալով անվտանգութեան հետ կապուած դրդապատճառները, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կրնան տեղի ունենալ… առանց համակիրներու:
«Մենք աշխատանք կը տանինք, որպէսզի բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշութիւնները նկատի առնուին: Թէեւ ներկայիս վտանգի սպառնալիքներ չկան, բայց կը մտադրենք մրցումները կայացնել առանց համակիրներու եւ կամ մրցումներուն կայացման վայրը փոփոխութեան ենթարկել: Մեզի համար առաջնահերթ խնդիր է համակիրներուն անվտանգութեան ապահովութիւնը», նշուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: