Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես յառաջիկայ ամրան որոշած է մեծ եւ հիմնական փոփոխութիւններ կատարել իր կազմին մէջ:
Արքայական ակումբը պատրաստ է հրաժեշտ տալու 10 ֆութպոլիստներու, որոնց կարգին են նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Սերճիօ Ռամոս, կը յայտնէ Sport.es կայքը:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն ծախել փորթուգալցի իր մարզիկը, մինչ սպանացի Ռամոսին համար պիտի պահանջէ 25 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ռամոսով հետաքրքրուած էր Մանչեսթըր Եունայթըտ: