
Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ կը գտնուի Վրաստան, այսօր պիտի կատարէ իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, դարձեալ վրացի իր հասակակիցներուն դէմ:
Անոնց միջեւ առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, աւարտեցաւ Վրաստանի յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հայրենի կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` Նելսոն Յարութիւնեանի նշանակած կոլին շնորհիւ (8-րդ):
Սակայն Բ. կիսախաղին, Վրաստան չորս անգամ պատասխանեց:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր կիսախաղի տեւողութիւնը եղաւ 40 վայրկեան:
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին մարզիչն է Արամ Ոսկանեան:


