
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Լուէյզի իր դաշտին` Սանթրալի մէջ հիւրընկալեց Մութթահետը:
Մրցումին առաջին երեք քորթըրները եղան գրեթէ հաւասար: Բայց չորրորդ եւ վերջին քորթըրին Մութթահետ, հետզհետէ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 94-86 արդիւնքով (22-23, 37-36, 57-58 եւ 86-94):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կերոն Ճոնսըն (35), մինչ անոր խմբակից Ալեքսանտըր Օքսֆոր նշանակեց 25 կէտ, Լուէյզիի երրորդ օտարականը` Ուենտըլ Լուիս` 17 կէտ: Լուէյզիի լիբանանցի մարզիկները նշանակեցին միայն 9 կէտ:
Մութթահետէն Մայք Թէյլըր նշանակեց 30 կէտ, Ռէյշաուն Թերի` 26, իսկ Ռամել Քերի` 13: Չարլզ Թապեթ նշանակեց 14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Այս հանգրուանը կը շարունակուի այսօր, երբ ժամը 20:30-ին «Ֆուատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ Թատամոն կը հիւրընկալէ Հուփսը: