
«Մերսետես»-ի գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Ռուսիոյ կրան փրիի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան հանդիսացաւ առաջին:
Ռոզպըրկ, որ այսպիսով արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը (նախորդ տարի ան արձանագրեց երեք յաջորդական յաղթանակ), ապահովեց տարեշրջանի իր 100-րդ կէտը` 43 կէտի առաւելութեամբ գերազանցելով իր խմբակիցը` անգլիացի Լուիս Հեմիլթընը, որ Ռուսիոյ մէջ գրաւեց 2-րդ դիրքը: Վերջինս փոլ-փոզիշընի մրցումներուն գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Նշենք, որ գերմանացի Սեպասթիան Վեթել ինքնաշարժի արկած մը ունենալով այս կրան փրին կիսատ ձգեց:
Խումբերու դասաւորման մէջ «Մերսետես» այժմ ունի 157 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` «Ֆեռարի»` 76 կէտ:


