Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ»-ի համաձայն, Լացիօ Ռոմայի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը կը փափաքի լքել իր կազմը, որովհետեւ կ՛ուզէ վերադառնալ Գերմանիա, ուր անցեալին ելոյթ ունեցած է Քայզըրսլաութըրնի, Վերտըր Պրեմընի եւ Պայէրն Միւնիխի հետ:
37 տարեկան յառաջապահով հետաքրքրուած են շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Քայզըրսլաութըրն:
«Քալչիօ»-ի 2015-2016 տարեշրջանին ան մասնակցեցաւ 21 մրցումի` նշանակելով 4 կոլ եւ դառնալով 7 կոլային փոխանցման հեղինակ: