Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Պուրուսիա Տորթմունտի վտանգաւոր յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Կապոնի ֆութպոլի ազգային խումբի 26 տարեկան յառաջապահին համար Մանչեսթըր համաձայն է վճարել 70 միլիոն փաունտ:
Ան այս տարեշրջանին 45 մրցումի ընթացքին նշանակած է 37 կոլ: