
Հովանաւորութեամբ Ահըլ Հապայեպ ակումբին եւ կազմակերպութեամբ Համմանայի գիւղերէն Խրէյպի, կիրակի, 1 մայիսին, յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Զատկուան տօնին առիթով տեղի ունեցաւ «Քրոս-Քաունթրի»-ի 7 քմ վազքի մրցում մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 500 երկսեռ վազողներու:
Լեւոն Թաշճեան, որ մրցումին կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Այնճարը, իր տարիքային խմբաւորման մէջ (40 տարեկան եւ վեր) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 36 վայրկեան արդիւնք մը:
Աւարտին ան իր մրցանակը ստացաւ Լիբանանի լեռնագնացներու ախոյեան Շամուն Մուաննեսէն:


