
Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ կը շարունակուի խուլերու ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 50 քկ դասակարգին մասնակցող Սենիկ Սերոբեան Հայաստանին ապահովեց ոսկի մետալ մը, երբ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Դարձեալ այս ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 74 քկ դասակարգին մէջ Արարատ Սարգսեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Այս ախոյեանութիւնը, որ սկսաւ 1 մայիսին, կ՛աւարտի 9 մայիսին:


