
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի դարձի ճակատումը, որ երէկ գիշեր իրարու դէմ հանեց Պայէրն Միւնիխը եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը, անբախտ օր մը եղաւ հիւրընկալ կազմին համար` նկատի ունենալով, որ անիկա դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Հակառակ անոր որ Պայէրն 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին, որովհետեւ երթին Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Աթլեթիքօ օգտուեցաւ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն:
Թէեւ երէկուան այս մրցումին նշանակուեցան երեք կոլեր, սակայն իւրաքանչիւր կազմէ մէկական մարզիկ` Թոմաս Մէօլըր (Պայէրն) եւ Ֆերնանտօ Թորես (Աթլեթիքօ) եղան անբախտ, որովհետեւ յաջորդաբար 34-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն, փենալթիները չկրցան կոլի վերածել:
Զապի Ալոնսօ (31-րդ) եւ Ռոպերթ Լեվանտովսքի (74-րդ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը, իսկ Անթուան Կրիզման (54-րդ)` Աթլեթիքոյի կոլը:
Այսօր, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ռէալ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին (երթ` 0-0):