Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 30 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
Այս հանդիպումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, իսկ մարզիկներէն` տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելով եւ խմբային խաղաոճ մը կիրարկելով արձանագրել յաղթանակը: